2014-02-01 13:08:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յատուկ ունկնդրութիւնը` ''Նէոքաթէքումէնալ ուղեւորութիւն'' եկեղեցական շարժումի անդամներուն


Շաբաթ, 1 փետրուար, կէսօրին ժամը 12,00-ին , Վատիկանի, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Նէոքաթէքումէնալ ուղեւորութիւն '' անուամբ եկեղեցական շարժումի 10 հազար անդմաներուն։
Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական օրհնութեամբ եւ յատուկ աղօթքով սկիզբ կու տուաւ 17 նոր ''ազգերու առաքելութիւն'' կոչուած միսիոնարական գործունէութեան։
Վերոյիշեալ առաքելութեան մաս կը կազմեն 75 ընտանիքներ որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են թողելու ամէն ինչ՝ գործ, տուն, եւ ինչքեր եւ առաքելութեամբ մեկնելու դէպի աշխարհիս որեւէ վայր։
Ամէն մէկ նոր առաքելութիւն բաղկացած է չորս ընտանիքներէ, որոնց կ՛ընկերանայ քահանայ մը, նորընծայ մը եւ երկու ամուրի տիկիններ, մօտաւորապէս 25էն 30 հոգի։
Նշենք, թէ ''ազգերու առաքելութիւն'' ձեռնարկը ներկայ է 52 քաղաքներու մէջ՝ եւ կազմուած է շուրջ 230 ընտանիքներէ։

''Նէոքաթէքումէնալ ուղեւորութիւն '' եկեղեցական շարժումի՝ անդամներուն արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայնտնեց անոնց Քրիստոնէական վկայութեան եռանդին համար եւ իրենց ցուցաբերած հաւատքի ուրախութեան։ ''Եկեղեցին երախտապարտ է ձեր վեհանձն առատաձեռնութեան համար եւ շնորհակալ է Եկեղեցւոյ ներքոյ, աշխարհի մէջ, մատուցած ձեր ծառայութիւններուն'' – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ներկաներուն, յանուն Եկեղեցւոյ` մեր Մօր, ուղղեց մի քանի թելադրանքներ.
Առաջինը, կառուցել եւ պահպանել յատուկ Եկեղեցինեու միջեւ հաղորդութիւնը։ Այնտեղ ուր կ՛ուղարկուիք առաքելութեան, կիսեցէք այդ Եկղեցիներու կեանքը եւ ընթացէք հօտին հետ, տեղական Եկեղեցիներու Հովիւներու առաջնորդութեան տակ։ Հաղորդութիւնը հիմնական է – հաստատեց Սրբազան Հայրը - եւ շատ անգամ կ՛արժէ հրաժարիլ անձնական ձգտումներու մանրամասնութիւններէն, ապահովելու համար եղբայրներու միութիւնը, անոնց որոնք կը կազմեն եկեղեցական մէկ հասարակութիւն։
Երկրորդ թելադրանքս է` ուր որ ալ երթաք, իմացէք թէ Աստուծոյ Հոգին ձեզմէ առաջ հասած է արդէն։ Տէրը միշտ մեզ կը կանխէ, նոյնիսկ ամենահեռաւոր վայրերը։ Յաձնառու եղէք ''սորվելու'' տեղական աւանդութիւնները, մշակոյթը, լեզուն որպէսզի կարենանք գործել Աւետարանին ի սպաս։ Եւ ի վերջոյ - ըսաւ նորին Սրբութիւնը - ձեզ կը յորդորեմ սիրել ու խնամք տանիլ մէկը միւսին։ Ձեր ուղեւորութիւնը դժուար ու պահանջկոտ ուղեւորութիւն մըն է, որուն ընթացքին եղբայր մը կամ քոյր մը կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ։ Այս պարագաներուն, համբերութեան եւ ողորմածութեան զգացումները հասունութեան նշան մը կը հանդիսանան։ Պէտք է յարգուի ամէն անհատի ազատութիւնը, նոյնիսկ երբ մէկը կ՛ուզէ քրիստոնէական այլ ընտրանք մը կատարել, ''ուղեւորութենէն '' դուրս, համապատասխանելու համար Տիրոջ կոչին։
Ձեզ կը քաջալերեմ ամենուրէք տանելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը։ Աւետարանեցէք սիրով, Տիրոջ սէրը տարածեցէք ամէն տեղ, ու ձեր ճանապարհին վրայ հանդիպած անհատներուն ըսէք. ''Աստուած կը սիրէ մարդը, այնպէս ինչպէս որ է, իր սահմանափակ կարողութիւննեով, իր սխալներով եւ իր մեղքերով։ Եղէք պատգամաւորներն ու վկաները Հօր անհուն եւ անսահման սիրոյ եւ ողորմութեան։
Ձեզ կը յանձնեմ Աստուածամօր Հովանիին, որպէսզի թիկունք կանգնի ձեր առաքելութեան- ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.